Դուք հրաւիրուած եք դիտելու Սուրբ Ղազարոսի պաշտօնական կայքին Երուսաղէմի մէջ:

 

Ո՞վ ենք մենք:

Մենք քրիստոնեայ ասպետներու միջազգային ընկերակցութիւն մըն ենք, որ իրենց կեանքը նուիրած են էքումէնիզմի, բարեգործութեան եւ ազնիւ կենցաղի: Մենք դարերով պահպանած ենք աղքատներու եւ հիւանդներու հոգատարութեան մեր իտէալները:

 

Ուրկէ՞ կու գանք:

11 -րդ դարուն վերջերը կարգ մը եւրոպացի ազնուականներ կրօնական պարտաւորութիւն նկատեցին եւ իրենց ետին լքեցին փարթամ կենցաղը եւ եկան Սուրբ քաղաք պաշտպան կանգնելու քրիստոնէութեան իր պատմական հողին վրայ: Երուսաղէմի մէջ հիմնեցին ասպետներու ընկերակցութիւններ, որ կրօնական եւ մարդասիրական բնոյթ ունէին:

 

Իրենց բժշկական պարտականութեան ընթացքին կարգ մը ասպետներ վարակուեցան բորոտութեամբ կամ կարգ մը փոխանցիկ ախտերով եւ անոնցմէ շատեր մնացին Երուսաղէմ եւ հիմնեցին ուրկանոցներ եւ հիւանդանոցներ: Հոսկէ կը բխի գաղափարը կոչելու իրենց բժշկարանները Սուրբ Ղազարոսի անունով:

 

Սուրբ Ղազարոսի ասպետները իրենց դարերու գոյութեան եւ յաջողութիւններու պատճառաւ շահեցան առանձնաշնորհումներ (թագաւորներէ եւ եկեղեցիներէ) եւ հիմնեցին հիւանդանոցներ եւ կայքեր Եւրոպայի տարածքին եւ հակառակ ժամանակի փոփոխութիւններու պահպանեցին սերունդէ սերունդ իրենց ազնիւ իտէալները:

 

Դէպի ո՞ւր կերթանք:

Սուրբ Ղազարոսի կանաչ խաչը մեր միջազգային խորհրդանիշն է, ցոյց տալու մեր բժշկական հոգատարութիւնը: Միջին դարերէ ի վեր ամէն գլխաւոր եկեղեցիները նեցուկ կանգնած են մեզի: Սուրբ Ղազարոսի ասպետները ուխտած են սիրելու եւ ծառայելու Տիրոջ, սիրելու իրենց դրացիները համաձայն իրենց աւանդութեան եւ կանոնադրութեան, տրամադրելով իրենց ժամանակը հիւանդներու, որոնք կարող չեն ինքզինքնին խնամելու:

 

կաթոլիկ եկեղեցւոյ կարտինալներու հովանաւորութեամբ մեր միջազգային ընկերակցութիւնը զարգացուցած է մեր մարդասիրական ծառայութիւնները շատ մը երկիրներու մէջ: Անցեալի մեր ճիգերը կեդրոնացած էին ծերերու եւ հիւանդներու վրայ այժմ նաեւ կը հոգանք ջուրի հայթայթման հարցերը, այս ձեւով կ’ընդարձակենք մեր մարդասիրական ծառայութիւնները: Սուրբ Ղազարոսի միջազգային ընկերակցութիւնը կը շարունակէ զարգանալ՝ միաւորելով ազնիւ սրտեր, միասնական ընդհանուր մկրտութեան մէջ, մէր նախնիների ոգուն համապատասխան. ATAVIS ET ARMIS !

 

“Դարերը կը սահին եւ կ’երթան եւ ընկերային պայմանները
կը փոխուին, բայց մենք հաւատարիմ ենք մեր կոչումին եւ
Աւետարանի, սիրոյ եւ մարդկային եղբայրութեան եւ կը կառչինք
անխախտօրէն մարդկային ծառայութեան իտէալներու:”

Պէնէտիքթոս 16, 6 Սեպտեմբեր 2009

 

Հոս կը նշենք, որ ընկերակցութեան պաշտօնական լեզուն Ֆրանսերէն է իսկ վարչական
լեզուն Անգլերէն:

English
French
Spanish
Arabic
Armenian
Hebrew
Hungarian
Greek